Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին:
Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, քոլէճի նախակրթարանի աշակերտները թատրոնով, երգերով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին մեր թարգմանիչներուն:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Զ. դասարանէն Ալին Այանեան կատարեց բացման խօսքը, վեր առնելով Թարգմանիչներու կատարած երախտաշատ գործի արժէքը սերունդներու հայապահպանման ի խնդիր: Ապա, Դ. եւ Ե. դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար բեմ բարձրացան «Այբուբեն Հայոց» եւ «Ով Մեծասքանչ Դու Լեզու» խմբերգներով:
Ե. դասարանի աշակերտները կենդանի պատկերի մը ընդմէջէն, գեղեցիկ ձեւով օրուան պատգամը փոխանցեցին փոքրիկ հանդիսատեսներուն իսկ Մանէ Թորոյեան դաշնակի վրայ ներկայացուց «Կտոր Մը Երկինք» երաժշտական կտորը:
Օրուան պատգամախօսն էր Հոգեշնորհ Հայր Նշան Լախոյեան, որ ամփոփ ու մատչելի ոճով փոխանցեց իր պատգամը:
Նախակրթարանի ձեռնարկը փակուեցաւ «Ա., Բ., Գ.» խմբերգով:
Միջնակարգը Թարգմանչաց տօնը նշեց, Թարգմանիչներու նկարներով ու Հայերէն լեզուին նուիրուած տողերով զարդարելով անցքերու պատի թերթերը:
Երկրորդականի Թարգմանչաց Տօնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբերին:
Ձեռնարկին բացումը եղաւ Հայաստանի ու դպրոցի զոյգ քայլերգներով:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աւօ Մարգարեան, որ շեշտեց հայապահպանումի ու գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը ու նշեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւտը անոր փաստն է, աւելցնելով թէ «Ճանաչել Զիմաստութիւն եւ Զխրատ, Իմանալ Զբանս Հանճարոյ» պարզապէս Աստուածաշունչէն նախադասութիւն մը չէ, այլ հայութեան յաւերժութեան նշանաբանը:
Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց Սայաթ Նովայի «Յիս Քու Ղիմէթն» երգը, ապա աշակերտները ներկայացուցին 3 անջատ թատերգութիւններ, եւ իւրաքանչիւրի ներկայացումէն ետք Power Point-ով նշուած խօսքեր. Այսպէս՝առաջին թատերգութեան միտք բանին էր, որ մեր նախնիները շատ բան զոհած են պահպանելու մեր ազգը, երկրորդինը՝թէ մեր ազգը, հակառակ թիւով քիչ ըլլալուն մեծ գործեր ըրած է յաւերժանալու համար, իսկ երրորդինը, թէ՝ Մաշտոց ծնունդ առած է, որ իրմով անմահանայ հայութիւնը եւ նոր սերունդը անմահանալով անմահացնէ յաջորդները:
Վիքի Փանոսեան Ասմունքեց Լութֆիկ Դուրեանի Մաշտոցի նուիրուած բանաստեղծութենէն հատուած մը:
Ձեռնարկի աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցաւ Աշակերտական Խորհուրդի վարչութեան կողմէ պատրաստուած թղթածրար մը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերով, որու մէջ զետեղուած էր հայոց լեզուին մասին մեր եւ օտար մեծերու խօսքերը ամփոփող էջ մը: