Զատիկի Տօնակատարութիւն/Մանկապարտէզ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

    Զատիկը Մանկապարտէզէն Ներս
Ազգ. Ս. Մանուկեան Մանկապարտէզի Զատկուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի Ապրիլ 3, 2012ին Սիրան Մանուկեան սրահէն ներս՝ մայրերուն ներկայութեան։
Փոքրիկներուն եւ ծնողներուն սպասած օրուան անակնկալը՝ «Ուրախ Տարեդարձ» խումբն էր։ Ճոխ եւ ուրախ երգի ընկերակցութեամբ, թիթեռնիկը, նապաստակը եւ ճուտիկը պարելով մուտք գործեցին սրահէն ներս, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւելով։ Անոնք երգեցին, պարեցին, փոքրիկներն ալ պարի հրաւիրեցին ու քանի մը խաղ խաղալէ ետք աշակերտները իրենց սորված զատկուան յատուկ արտասանութիւնները
արտասանեցին։ Ծաղիկ դասարանի աղջնակներէն՝ Մեղեդի Տէր Յարութիւնեանը իր ասմունքով հրապուրեց ծնողները։ Ապա՝ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի մանկապարտէզի բակ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը։
Photo Gallery-ին մէջ գտնուող զատկուան նկարները ապացոյց են փոքրիկներուն ուրախութեան։
Յ. Գ.։ Տօնակատարութեան նախօրեակին, մանկապարտէզի փոքրիկները զատկուան չէօրէկ պատրաստեցին ու խաշուած հաւկիթները գոյնզգոյն ներկեցին։

 


Categories: