Ամանորի Տօնավաճառ
Երեքշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00ին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի հանդիսասրահին մէջ կատարուեցաւ Քոլէճի Տիկնանց Միութեան կազմակերպած Աւանդական Տօնավաճառի բացումը նախագահութեամբ՝ Տիկ. Աստղիկ Մանուկեանի: Տիկնանց Միութեան անունով խօսք առաւ ատենապետուհի Տիկին Սոնա Ասատուրեան: Ան նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը առիթ մըն է ի մի համախմբելու ծնողներն ու քոլէճին բարեկամները, որոնք թէ՛ առիթը կ՛ունենան իրենց Ամանորի գնումները կատարելու եւ թէ՛ իրենց լուման կը ներդրեն Քոլէճի սաներու ֆոնտին ի նպաստ: Ան գնահատեց Մանուկեան ընտանիքը ու անոնց դերը քոլէճի բարեզարդման գործընթացին մէջ, նշելով՝ թէ Տիկ. Աստղիկ Մանուկեան երկար տարիներ ներկայ եղած է քոլէճի առօրեային մէջ, իբրեւ ծնողք եւ այսօր սիրայօժար ստանձնած է Տօնավաճառի նախագահութիւնը:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը, Կաղանդի ու Ս. Ծննդեան երգերով հանդէս եկան Քոլէճի երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու երգչախումբերը, չորրորդ դասարանը՝ համաչափ ու խանդավառ, ներկայացուց հայկական պար մը, իսկ ԺԱ. Կարգէն՝ Ցոլին Քարճիքեան՝ մենապար մը, որմէ ետք օրուան նախագահը, տնօրէնն ու Տիկնանց Միութեան տիկինները կատարեցին կարկանդակի հատումը եւ Քոլէճին կողմէ Տիկ. Աստղիկ Մանուկեանին յանձնեցին յուշանուէր մը:Ապա խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Աստղիկ Մանուկեանին, Տօնավաճառի նախագահութիւնը ստանձնելուն համար եւ տիկնանց միութեան տիկիններուն, որոնց կամաւոր ու ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ այս տարի եւս կարելի դարձած է կազմակերպել տօնավաճառը, աւելի հարուստ ու աւելի այլազան, լի հայկական զարդեղէններով ու քաղցրաւենիով:
Ամանորի Տօնավաճառ
Categories: School News